ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութիւն մը, որ միեւնոյն ժամանակ եկաւ բնորոշել մեր այս յատկանշական սրբավայրի պաշտամունքի վերաբացումը։ Վերջին շաբաթներուն ընդհանուր մաքրագործման եւ բարեզարդման աշխատանքներ տարուած էին Գումգաբուի Դրսի եկեղեցւոյ մէջ, որ այդ աշխատանքներու աւարտին երէկ հանդիսաւորապէս վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան եւ յաջորդած երեկոյեան ժամերգութեան։ Ներկայ էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Յաւարտ արարողութեան սրբազան հայրը եւ հոգեւորականաց դասու անդամները ջերմօրէն շրջապատուեցան ատենապետ Վարուժան Թաւրայի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Վարուժան Թաւրա այս առթիւ նշեց, թէ հոգեւոր մեծ հրճուանք կ՚ապրին՝ այս գողտրիկ եկեղեցւոյ համար պատշաճ ու ներկայանալի տեսք մը ապահոված ըլլալու բերումով։
Հարկ է նշել, որ Գումգաբուի Դրսի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն տեղի կ՚ունենայ ամէն Չորեքշաբթի եւ Կիրակի։
Եկեղեցական
- 11/27/2024