ՔՍԱՆ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու մէջ նշուե­ցաւ Ս. Ստե­փա­նոս նա­խավ­կա­յի տօ­նը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ, Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր սար­կա­ւագ­նե­րու ձեռ­նադ­րու­թիւն։ Պա­տա­րա­գիչն էր Մայր Ա­թո­ռի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան, որ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նէն եւ Քա­հա­նա­յից պատ­րաս­տու­թեան լսա­րա­նէն քսան սա­ներ ձեռ­նադ­րեց սար­կա­ւագ։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց դա­սը եւ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան համ­բու­րե­լու՝ տօ­նին առ­թիւ Մայր Տա­ճա­րի ա­ւան­դա­տուն-թան­գա­րա­նէն յատ­կա­պէս դուրս բե­րուած Ս. Ստե­փա­նո­սի մա­սուն­քով ա­ջը եւ ստա­նա­լու ան­կէ ճա­ռա­գած օրհ­նու­թիւ­նը։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըն­դու­նեց Մայր Ա­թո­ռի բո­լոր սար­կա­ւագ­ներն ու նո­րըն­ծա­նե­րը՝ ու­ղեկ­ցու­թեամբ լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի, Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեա­նի եւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեա­նի։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րեց սար­կա­ւագ­նե­րը, ո­րոնց փո­խան­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գամն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Հար­կէ է նշել, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ներ­կա­յիս ու­նի 166 միա­բան սար­կա­ւագ, իսկ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ կ՚ու­սա­նին 38 սար­կա­ւագ­ներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2015