ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ վիրաւորուած եւ հաշմանդամ դարձած հարիւրապետ Արթուր Յովհաննիսեանն ու ընտանիքը։ Արթուր Յովհաննիսեան Գանատա մեկնած էր՝ անհրաժեշտ ձեւով բուժուելու եւ վերջոյթներու փրոթեզաւորման համար։ Իր դարմանումը իրականացած է Արագածոտնի թեմի եւ Գանատայի թեմի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Երէկուան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արագածոտնի թեմական խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Մովսիսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան հայրական խնամքին եւ հոգածութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը հայրենեաց պաշտպանին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, թէ ան անհրաժեշտ խնամքն ու բուժումը ստացած ըլլալով՝ պիտի կարողանայ լիարժէքօրէն վերադառնալ կեանքի բնականոն ընթացքին եւ իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերել հայրենիքին։

Զրոյցի տեւողութեան Արթուր Յովհաննիսեանն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ թեմակալ առաջնորդներուն՝ իր բուժումն ու ապաքինումը Գանատայի մէջ կազմակերպելու հոգատար վերաբերմունքին համար։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022