Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՔԱՐՈԶԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, Նիւ Եորքի մերձակայ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նախագահեց արարողութիւններու, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզներ։ Այս արարողութիւններուն ընթացքին նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Յամենայնդէպս, քանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն շաբաթավերջին կը նշուէր Ս. Ծնունդը եւ սկսած էր տարեվերջի արձակուրդը, արարողութիւնները արտակարգօրէն խանդավառ մթնոլորտով ընթացան՝ ի շարունակութիւն երկրի տօնական մթնոլորտին։

Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ կիրակի առաւօտ պատարագեց Տ. Տիրան Քհնյ. Պողաճեան։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը հանդիսապետէր արարողութեան, քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ տարեվերջի խորհուրդին։ Ան յիշեցուց, որ քրիստոնեայ աշխարհը նոր շրջանի մը շեմէն ներս մուտք կը գործէ։ Այս առումով պէտք է փառք տալ Տիրոջ ու մտածել բարի ապագայի մասին։ Հայր սուրբը կարեւորեց, որպէսզի բոլորը լաւագոյնս արժեւորեն իրենց կարողութիւնները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022