ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Երկրի Լատին կաթոլիկ պատրիարք Փիէռպաթիստա Փիցապալայի Արքեպիսկոպոսին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Ս. Յակոբեանց միաբանութենէն ներկայացուցիչներ։
Սիրալիր հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց, որ ամէն տարի Ս. Ծնունդը աղօթական միասնականութեան միջավայր մը կը ստեղծէ քրիստոնեաներուն միջեւ։ Ան մաղթեց, որ Նորածին Թագաւորը մէկընդմիշտ վերացնէ ատելութիւնն ու թշնամանքը աշխարհի վրայէն եւ անգամ մը եւս մարդկութեան շնորհէ իր Աստուածային խաղաղութիւնն ու սէրը, ինչպէս նաեւ աշխարհի առաջնորդներուն պարգեւէ իմաստութիւն։
Լատին կաթոլիկ պատրիարքն ալ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ աւելի վերջ հանդիպումը շարունակուեցաւ ջերմ ու եղբայրական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ։