ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սարգիսի տօնի շաբաթավերջին, Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։ Արարողութիւններուն հետեւեցան նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ գործակից ընկերները։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Երիտասարդաց օրհնութեան կարգի ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շուրջ համախմբուեցան քաղաքիս զանազան թաղերէն նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, ուր եւս Նորին Ամենապատուութիւնը խօսք ուղղեց ներկաներուն։
Երիտասարդներուն տեսակէտէ Ս. Պատարագին համազօր նշանակութիւն ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ անմիջական զրոյց ունենալու առիթը։ Նորին Ամենապատուութիւնը սիրոյ սեղանի աւարտին անոնց ժամանակ յատկացուց եւ ազատ ձեւաչափի մէջ լսեց զիրենք։ Երիտասարդները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին իր յորդորներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրաբար զանոնք խրատեց, որպէսզի ազգային արժէքներու նկատմամբ անտարբեր չըլլան, զանոնք ճանչնալու համար ջանք գործադրեն, որովհետեւ անոնց ճանաչումը շատ հարստացուցիչ կ՚ըլլայ իրենց տեսակէտէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորին բացատրեց, որ բարոյական ու մշակութային գանձերու կուտակումն ու անոնց տէր կանգնիլը կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին չափազանց նշանակութիւն ունի՝ մանաւանդ երիտասարդներուն տեսակէտէ, որոնք իրենց առջեւ նոր հորիզոններ բանալու կարիքն ունին։