ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ԵՌԱԲԼՈՒՐ»
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները շաբաթավերջին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ուր Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ աղօթեցին նահատակ զինուորներու յիշատակին եւ անոնց հոգիներու հանգստութեան համար։ Բարձրաստիճան եկեղեցականները յարգանքի տուրք մատուցեցին՝ հայրենիքի պաշտպաններու յիշատակին առջեւ խոնարհելով։
Բաց աստի, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէ վանքէն ներս պատարագեց Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան։ Ս. Պատարագի աւարտին, Հայոց բանակի ստեղծման 32-րդ տարեդարձին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայաստան աշխարհի խաղաղութեան ու անսասանութեան համար։
Կողքի դրուագին մէջ բարձրաստիճան հոգեւորականներ կ՚երեւին «Եռաբլուր»ի յուշարձանին առջեւ։