ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ

Մեծ Պահքի 38-րդ օրն է:

Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Ներքին կեանքը» խորագիրը կրող գրութիւնը, որ վերցուցած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթէն, Բ. տարի, թիւ 3, մարտ, 1933, էջ 17-18:

Արտաքին կեանքը մարմնի կեանքն է, ներքին կեանքը հոգիի կեանքն է:

Մարմնի միտումներուն փայփայումը կը տկարացնէ հոգիի կեանքին բարգաւաճումը, եւ նոյնիսկ կ՚ապականէ զայն, եթէ մարդ չզգաստանայ:

Մարմնի կեանքը չի կրնար տոկալ նեղութիւններու. որովհետեւ հոգին է որ կ՚արժեցնէ կեանքը. հոգի՛ն է կենդանարար, մարմին ինչ ո՛չ օգնէ (Յովհ. Զ. 64):

Կեանքի պայքարին մէջ հոգի՛ն է ուղղութիւն տուողը: Քրիստոնէական սկզբունքով տկարութեան մէջ կ՚արտայայտուի աստուածային զօրութիւնը: Սկզբունքի եւ հաւատքի մարդիկ միշտ անոնք չե՛ն որ զօրաւոր մարմին ունին: Հոգեկան կեանքի տիրապետութիւնը մարմնի վրայ, ապահովութիւն մըն է մարմնի համար, որուն տենչանքներն ու ցանկութիւնները կը հակակշռուին, կը չափաւորուին ու կ՚ազնուանան:

Քրիստոնեայ մարդու համար այս հակակշիռը պէտք է ամէն օր եւ օրուան մէջ ալ ամէն վայրկեան, եթէ կարելի է: Իսկ Մեծպահոց շրջանը, որ հոգեւոր մշակոյթի շրջան մըն է, առիթ կ՚ընծայէ մեզի որ արթուն ըլլայ հակակշիռը:

Ամբողջ աշխարհ մատնուած է տնտեսական տագնապի: Անգործութիւն եւ կարօտութիւն կեանքը դառնացնող իրականութիւններ եղած են այսօր: Ամէն մարդ մտահոգ է: Ամէն հաստատութիւն ունի իր նեղութիւնը: Մարմնի կեանքը կը տառապի, կը նուաղի: Ամէնքս ալ կ՚ապրինք դառն եւ նեղ ժամանակի մը մէջ: Ներքին կեանքին զօրացումն է, որ վեր պիտի բռնէ տառապող եւ նուաղող մարմինը: Մեծ առաքեալը կը յայտարարէ. բոլոր նեղութիւնները սիրով կ՚ընդունիմ Քրիստոսի համար. Զի յորժամ տկարանամ, յայնժամ զօրանամ (Բ. Կրնթ. ԺԲ. 10): Տկարութիւնը՝ մարմնի ընկճումէն, զօրութիւնը՝ հոգիի կենդանութենէն:

Մեծպահքը որ սկզբունքով, մարմինը ընկճելու համար կարգադրութիւն մըն է, պարկեշտ հաւատքի մարդը պիտի զգաստացնէ, այսինքն պիտի զօրացնէ անոր հոգին, որպէսզի կարենայ դիմադրել կեանքի դառնութիւններուն եւ նեղութիւններուն:

Շատ հաճելի եւ զուարթացուցիչ իրականութիւն մը կայ չարիքի յաղթելու մէջ: Բայց այդ յաղթութիւնը զօրաւոր, ճառագայթող, տիրող հոգիի մը իրաւունքն է եւ իրականութիւնը եւ ո՛չ թէ չհակակշռուած մարմնի մը:

Եթէ մարդիկ գիտնային, թէ ո՜րչափ պիտի պայծառանար իրենց ներքին կեանքը երբ խոստովանէին եւ սրբագրէին իրենց սխալները, իրենց թերութիւնները, ըսենք նաեւ, իրենց մեղքերը, եւ ո՜րչափ աշխոյժով եւ զուարթութեամբ պիտի քալէին կեանքը դառնացնող եւ տառապեցնող իրականութիւններու մէջէն:

Մաքրագործեցէ՛ք ձեր հոգին, զօրացուցէ՛ք ձեր ներքին կեանքը, որպէսզի չընկճուիք կեանքի պայքարին մէջ:

Այսօր ա՛յս է Մեծպահքի իրական իմաստը եւ պատգամը մեզի համար:

Մեկնելով այս գրութեան ընդհանուր բովանդակութենէն, Մեծպահքի իրական իմաստին ու պատգամին համահունչ երկու մտածումներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն՝ եկեղեցւոյ հայրերու կողմէ գրուած:

Առաջինը, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիին հետեւեալ միտքն է. «Ունենալ հոգիի մաքրութիւն, մարմինի անախտութիւն, հեզ գնացք, չափաւոր ձայն, կերակուր եւ ըմպելի՝ խաղաղութեամբ, ծերերուն առջեւ լռութիւն, իմաստուններուն առջեւ ունկնդրութիւն, վերակացուներուն հանդէպ հնազանդութիւն, ընկերակիցներուն հանդէպ՝ սէր, կրտսերներուն հանդէպ անկեղծութիւն։ Քիչ խօսիլ եւ շատ լսել. ծաղրական խօսք չխօսիլ. աչքը վար առնել, իսկ միտքը՝ վեր, փախչիլ հակառակութենէ։ Իշխանաբար չուսուցանել. ամենէն դիւրին կերպով պատիւ չընդունիլ. ով որ կրնայ ընկերին փոխ թող տայ. հատուցումը չակնկալէ, այլ Աստուծոյ վարձատրութեան վրայ դնէ յոյսը, եւ յաւիտենական կեանքը ընդունի Քրիստոսէն»:

Իսկ երկրորդ մտածումը, Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանի գրիչին արգասիքն է. «Ջանացէք մաքուր նկարագիր մը շինել ձեր մանուկ կեանքին մէջ, ստախօսութենէ միշտ զգուշացէք. այն՝ մարդոց կեանքն ու բարոյականը աւրող, զինքը ստորնացնող գլխաւոր ու ամենամեծ մեղքն է. շատախօսութիւն, զրպարտութիւն մի՛ ընէք ձեր ընկերներուն մասին, այդ տեսակ վարմունքը՝ ձեզ ատելի պիտի ընէ ո՛չ միայն ձեր հասակակիցներուն, այլեւ ապագային մեծ չարախօսողներ, զրպարտիչներ պիտի ճանչցուիք. լաւ գիտնալու էք, որ ստախօսները, զրպարտիչները մարդոց քով, ընտանիքներու մէջ եւ ո՛չ մէկ տեղ ո՛չ վարկ ունին եւ ո՛չ պատիւ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023