ՊՈՒՆՏԵՍՏԱԿԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, որ այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Պուն­տես­տա­կի ան­դամ­նե­րէն Ֆոլք­մար Վո­կէ­լի եւ Մանֆ­րէտ Կրուն­տի հետ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը զրու­ցեց պատ­մա­կան հար­ցե­րու շուրջ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Գեր­մա­նիոյ քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ յա­ճախ կ՚ար­ծար­ծուի հայ­կա­կան հար­ցը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015