ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պէյրութի Իլիաս Աուտէին Մետրապոլիտը։ Անոնք համալսարանի դասընկերներ եղած են անցեալի մէջ ու երկար ժամանակ համագործակցած՝ թէ՛ միջեկեղեցական շարժման եւ թէ Լիբանանի միջհամայնքային յարաբերութիւններու հարթութեան վրայ։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան համագործակցութեան։ Շօշափուեցան նաեւ Լիբանանէ ներս համայնքներու զօրակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Շեշտուեցաւ քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները կարեւորեցին Լիբանանի յառաջիկայ ընտրութիւններու խաղաղ պայմաններու մէջ իրականացումը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2022