ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՐԺԱՆԹԻՆԷՆ ԵՒ ԱՄՆ-ԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներ։ Օքլընտ քաղաքի (Գալիֆորնիա) Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովէլ Քհնյ. Օհանեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց անոնց ձեռնարկած ուխտագնացութիւնը եւ աւելցուց, որ նման ուխտագնացութիւնները հոգեւոր առումով մեծ խթան կը հանդիսանան քրիստոնէական արժեհամակարգով դաստիարակուելու տեսակէտէ։

Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ուխտաւորներու զանազան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ընդհանրապէս հայկական կեանքին։

Նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ խումբ մը արժանթինահայ ուխտաւորներ։

Բաց աստի, Նորին Սրբութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը այս օրերուն մէկտեղուեցաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի եւ Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցի հետ։ Նորին Սրբութիւնը նախարարներուն հետ զրուցեց եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան օրակարգին շուրջ հարցեր։

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018