ԻՐԱՔԻ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրաքի նորանշանակ հաւատարմատար Ալի Ապտիւլքերիմ Ութաւին։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւէտ ծառայութեան բարեմաղթանքներ յղեց դիւանագէտին՝ կարեւորելով Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնն ու ժողովուրդներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Իրաքի հայ համայնքին։ Այս կապակցութեամբ ան իր գնահատանքը յայտնեց երկրի իշխանութիւններուն կողմէ համայնքի ու թեմի նկատմամբ որդեգրուած հոգատար վերաբերմունքին համար։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ հայ ժողովուրդի առկայ մարտահրաւէրներուն վրայ։ Ան խօսեցաւ Արցախի հայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, պատանդառուած ղեկավարներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն վրայ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հանրութեան միջնորդական ու հետեւողական ջանքերով հնարաւոր կ՚ըլլայ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատել։

Իր հերթին, հաւատարմատար Ութաւի հաւաստիացուց, թէ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ՝ ամրապնդելու ու զօրացնելու համար երկու երկիրներու համագործակցութիւնը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Իրաքի իշխանութիւններու ձեռնարկած ջանքերու մասին՝ ուղղուած ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու համերաշխ գոյակցութեան եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան եւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Կարապետ Գալուստեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2024