Երկուշաբթի 12, Մայիս 2025
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ժողովականները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։
ԳՀԽ-ի օրակարգին վրայ կը գտնուի՝ հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, շաբաթ մը անց նախատեսուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգման ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։
Քննարկման առարկայ կը դառնան նաեւ եկեղեցավարչական խնդիրներ եւ այլ նիւթեր, որոնք կը վերաբերին եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023