Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՈՒԽՏԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ս. Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի եւ իւղաբեր կանանց տօնին առթիւ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ուխտի Ս. Պատարագը բացառաբար մատուցուեցաւ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի ձօնուած խորանին վրայ:

Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին ներկայ էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կարիպեանի։ Պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց Տէրունական աղօթքէն առաջ՝ անդրադառնալով օրուան տօնին եւ յիշատակեալ սուրբերու մարմնաւորած կերպարին, խորհուրդին։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու շուրջ համախմբուած հոգեւոր հայրերը ջերմօրէն շնորհաւորեցին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի անուան տօնը եւ արեւշատութեան մաղթանքներ յղեցին անոր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2024