Խա­չիՆ պատ­գա­մը

Հինգ տաղաւարներու վերջինը՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը վայելելու կը պատրաստուինք։

Եթէ գարնան օրերուն հանդիպող Ս. Զատկի տօնը բնութեան ծաղկումին ու ուրախութեան նման հաւատացեալներու սիրտին ու հոգիին յարութեան աւետիսը ու յոյսը կը ներշնչէ, հոգ չէ թէ աշունը իր դեղնած բնութեամբ ու մելամաղձոտ երեւոյթով յուզէ մարդը, ճիշդ հակառակը, Ս. Խաչի տօնը կեանքի զանազան պատճառներով հաւատացեալներու սրտին ու հոգիին մէջ տեղ առած յուզումները, յուսահատութիւնները, ծանրաբեռնուածութիւնները կը փարատէ։

Ինչպէս շատեր աշնան սկիզբը պատուաստուելով կ՚ամրապնդուին ու կը զօրանան, ի դէմ ձմրան ու անոր բերած հիւանդութիւններու դժուարին պայմաններուն, նոյնպէս Խաչն ու իր պատգամը՝ զմեզ կ՚ամրապնդեն ու կը բժշկեն եւ հեռու կը պահեն հոգեւոր ու մարմնաւոր վտանգներէ։

Յիսուսի Խաչը առաջին իսկ օրէն հաւատացեալներու յարգանքին ու պաշտամունքին նիւթ հանդիսացած է, բայց այդ օրերուն սարսափելի հալածանքներու պատճառով քրիստոնեաներու կարելի չէ եղած Յիսուսի բուն խաչը ունենալ։

Ուրեմն, առաջին քրիստոնեաներ գոհացած են Յիսուսի խաչի նմանը պաշտամունքի առարկայ դարձնել։ Իսկ երբ կարելի եղած է Քրիստոսի բուն խաչը գտնել ու հանել այն տեղէն, ուր նետուած էր, այս անգամ աւելի մեծ խանդավառութեամբ վերացուցած ու պաշտել սկսած են Խաչը, որ այս դէպքն ալ կը տօնուի իբրեւ Խաչի գիւտի տօն։

Ինչպէ՞ս ուրեմն մահառիթ խաչափայտը քրիստոնեային փրկութեան լաստը ու հաւատքի յենարանը եղած է։ Մարդիկ՝ որոնք միշտ սարսուռով դիտած էին խաչը, որ անտանելի մահուան պատիժի առարկայ էր, ինչպէ՞ս գրկած են խաչը ու սկսած են կրել զայն իբրեւ փրկութեան միջոց։

Բոլոր այս բաները հասկնալու համար դարձեալ օգնութեանը կը դիմենք հոգեւոր երգերու, ի մասնաւորի շարականներու, զորս անցեալ Ս. Աստուածածնի տօնին եւս գրած էինք։

Շարականները իրապէս այդքան լաւ յօրինուած են, որ չափազանցած պիտի չըլլամ ըսելով, թէ նոյնիսկ մեր ձեռքը չունենանք Ս. Գիրքի օրինակ մը՝ շարականներու տողերը ու իրենց բացատրութիւնները պիտի յաջողին լման Ս. Գիրքը կազմել, նաեւ Շարակնոցը պէտք եղած ատեն լաւագոյն հայերէնի դասագիրք է եկեղեցւոյ ամէն մէկ դպիրի։

Շարականները ոչ միայն հոգեւոր երգեր են, այլ նաեւ ամէն շարական իր եկեղեցւոյ խորհուրդը ու վարդապետութիւնը կը պարունակէ իր մէջ։ Այսօր ոմանց դիւրին կու գայ այլ հոգեւոր երգերէ ու եղանակներէ զգացուիլ՝ իրենց դիւրըմբռնելի ու հեշտ եղանակներուն համար, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ մերինը չսորվելով օտարը սիրել սխալ ու վտանգաւոր քայլ մըն է։ Անշուշտ նաեւ կան բաներ, որոնք կը կարօտին մշակուելու, այժմէականացնելու եւ հասկնալի դարձնելու համար երիտասարդ սերունդին։

Քրիստոս իր քարոզներով պատուէր տուաւ ըսելով. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ ետեւէս գալ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս գայ» (Մատ 16-24)։

Ինչպիսի՞ զօրաւոր համոզում մը գոյանալու էր մարդուս մէջ, որ այս պատգամը իրագործէր։ Պէտք է գիտնալ, որ աշակերտներ յարութենէ վերջ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ իրենց կեանքը զոհեցին Քրիստոսի ճամբուն, նոյնիսկ խաչի մահուամբ, նաեւ շատեր ալ այլ մահուան միջոցներով վկայութիւն տուին խաչի օրինակին։

Յուղարկաւորութեան կարգին կը կարդանք Յովհաննէսի աւետարանի այն բաժինը, ուր Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալով չմեռնի ինք միայն կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի բազում արդիւնք կու տայ» ու կը շարունակէ. «ով որ իր անձը կը սիրէ պիտի կորսնցնէ զայն եւ ով որ կ՚ատէ իր անձը այս աշխարհի մէջ պիտի պահէ զայն յաւիտենական կեանքի համար» (Յով 12-24)։

Յիսուս կ՚ուզէր ըսել, որ բոլոր մարդիկ օր մը պիտի մեռնին անշուշտ, բայց Քրիստոսի հաւատալով եթէ ինքնուրացութեամբ ապրին, պիտի ըլլան ցորենի հատիկին նման եւ բազում արդիւնք պիտի տան ու պիտի շահին յաւիտենական կեանք. (Յով 5-24, 8-51, 6-54)։

Հաւատացեալի մը վարձքը այս է միայն, ու Քրիստոս միշտ այս իրականութիւնը շեշտեց։

Պետրոս ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողեցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, մէկը չկայ որ թողու տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, եւ այժմ այս ժամանակիս մէջ հարիւրապատիկը չստանայ՝ տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներով հանդերձ եւ՝ յաւիտենական կեանք այն աշխարհի մէջ որ պիտի գայ, բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան վերջին ու վերջիններ՝ առաջին», (Մարկոս 10-29)։

Բոլոր այս բաները Քրիստոս իր վարդապետութեան օրերուն իրականացուց, ու իր սիրելիները եղող մեզի համար աշխարհ ատեց եւ իր կեանքը զոհեց. (Ղուկաս 12-4)։

Քրիստոս հակառակ իր անձը սիրելու, սիրեց բոլոր մարդիկ, եւ իր կամքով խաչ բարձրացաւ, մեռաւ ու բազում արդիւնք տուաւ իր հրաշալի յարութեամբ։

Սրբազան հայրապետներ Շարականի տողերուն մէջ խաչի խորհուրդը հիանալիօրէն կը պատկերացնեն իբրեւ «Անպատումն կառք»։ Անբացատրելի կառքի մը՝ որուն վրայ բազմեցաւ Քրիստոս, այսպէսով խաչը հաւատացեալի համար եղաւ անքննելի խորհուրդի «Աստուծոյ» ընդունարանը։ Այս իրականութիւնը մարդիկ միայն հաւատքով է որ կրցան ընդունիլ, ուրիշներ յիմարութիւն, տկարութեան նշան ու գայթակղութիւն ըլլալով տեսան, իսկ հաւատքով ընդունողներու համար խաչը մահաբեր գործիք ըլլալէ դադրեցաւ, պարծանքի ու յաւիտենական կեանքի միջոց եղաւ. (Ա.Կորն 1.18-24)։

Խաչի չորս թեւանի «քառաթեւ» վիճակը՝ մեր փրկութեան համար Աստուծոյ ցոյց տուած սիրոյ բարձրութիւնը, խորութիւնը, լայնութիւնը ու երկարութիւնը կը ցոլացնէր։ Քրիստոսի Խաչին կ՚երկրպագենք, քանի որ անոր կը հետեւէին անտեսանելի Սերովբէներ, որոնց հետ նաեւ կ՚աղօթենք, որ կեանքի տեւողութեամբ մեր օգնութեան եւս հասնին։

Խաչը հաւատացեալին համար Քրիստոսի ընդունարան ու փրկութեան նշան եղաւ, նաեւ հրեշտակներու պատկառանքին արժանացաւ, իսկ ապստամբ ուժերու՝ կորստեան նշան։ Այսպէս, Խաչ կրողը նաեւ հրեշտակներու ներկայութիւնը կը վայելէ, իսկ չար ուժեր կը հեռանան իրմէ։

Վերջապէս Շարակնոցի տողերը կ՚ակնարկեն Զաքարիա մարգարէի տեսիլքին, ուր մարգարէն տեսաւ զՔրիստոս՝ իբրեւ զուտ ոսկիէ աշտանակ մը, որ եօթ ճրագներով տաճարը պիտի լուսաւորէր, այս եօթ ճրագները եղան խաչին բազմապատիկ պայծառութիւնը, որ աշխարհ լուսաւորեց։ Զաքարիա մարգարէ տեսաւ նաեւ երկու ձիթենիի ծառեր, որոնք եղան Քրիստոսի խաչի վրայ տարածած ձեռքերը, որոնցմէ մէկը իր անմահ թագաւորութիւնը, իսկ միւսը՝ իր յաւիտենական քահանայութիւնը ցոյց կու տար. (Զաքարիա 4)։

Այսպէս, Քրիստոս իր մարդկային բնութեամբ խաչի վրայ թեւերը տարածելով՝ իբրեւ անմահ թագաւոր եւ իբրեւ յաւիտենական Քահանայ, իր կողէն հոսած արիւնով մաքրեց մարդկային աղտեղութիւնը։

Կ՚աղօթենք, որ Ս. Խաչը մեր ելքի ու մուտքի ժամանակ միշտ օգնական ըլլայ մեզի, եւ մաքրէ մեր մեղքերը եւս։

 

Անպատումն կառք անքըննելի խորհըրդոյն ընդունարան ով սուրբ քառաթեւ,

ի սաւառնաթեւից յարաթռելոց սրովբէից անտեսաբար ահիւ պատուեալ. Քեզ

երկըրպագեմըք յօգնութիւն մեզ ժամանեա յելս եւ ի մուտս։

 

Անյաղթելի նշան անպարտելի զօրութեանն ընդունարան ով սուրբ քառաթեւ.

Ի յահարկութիւն ապստամբիցն երեւեցար, որք իքէն ահիւ սարսեալ դողան, եւ անդընդասոյզ կորընչին.

Քեզ երկըրպագեմըք յօգնութիւն մեզ ժամանեա յելս եւ ի մուտս։

 

Յառաջագոյն տեսեալ ըզքեզ մարգարէն զաքարիաս, աշտանակ ոսկի

եօթնաջահեան լուսով պայծառացեալ յերկրի ով սուրբ քառաթեւ,

եւ ի վերայ քո տարածեալ աննիւթ գոյին գոյացեալ ի մեր բընութիւնս,

եւ աղբերահոս կողիւ մաքրեաց զաղտեղութիւն ազգի մարդկան.

Քեզ երկըրպագեմըք յօգնութիւն մեզ ժամանեա յելս եւ ի մուտս։

Տ. ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շարակնոց

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2018