ԱՆԿԵՂԾ ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ անկեղծօրէն ողջագուրուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած է՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին մասնակցելու համար։

Մայրավանքի համալիրէն ներս, երէկ, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Հրաշափառի արարողութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ։ Լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան այս առթիւ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անունով ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ հերթական անգամ կ՚այցելէր համայն հայութեան սրբութիւն սրբոց հոգեւոր կեդրոնը։

Հրաշափառի արարողութենէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ Վեհարան, ուր սիրալիր եւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022