ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորեց Հայորդեաց տուներու այս տարուան մրցանակակիրները։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Վաղարշապատի «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան մէջ հիւրընկալեց նոր սերունդի 230 ներկայացուցիչներ։ Նորին Սրբութեան օրհնութեան եւ շնորհաւորանքին արժանացան Հայորդեաց տուներու այն սաները, որոնք Հայաստանի մէջ կազմակերպուած կամ միջազգային զանազան փառատօններու, մրցոյթներու, ցուցահանդէսներու եւ մրցաշարերու մէջ դափնեկիր դարձած էին։

Հայորդեաց տուները կը գործեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս ցանցը ստեղծուած է 1993 թուականին՝ նախաձեռնութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որ այդ ժամանակ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդն էր։ Այս տարի արդէն Հայորդեաց տուներու 30-ամեայ յոբելենական շրջանն է եւ այս հանգամանքով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը տուաւ յաջողութիւններ արձանագրած սաներուն։

Հայորդեաց տուները արտադպրոցական կեդրոններ են, ուր զանազան տարիքէ երեխաներ հնարաւորութիւն կ՚ունենան մասնակցելու արուեստներու, արհեստներու, մարզաձեւերու եւ այլ մասնագիտական խմբակներու՝ ստանալով հիմնաւոր կրթութիւն։ Մասնաւոր ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի սաներու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ ազգային նկարագրի կերտման նկատմամբ։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայորդեաց տուներու տնօրէնի պաշտօնակատար Լիաննա Առաքելեան։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան։ Ան բարեմաղթութիւններ յղեց սաներուն, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ հասակ առնեն, զօրանան եւ իրենց ներդրումը բերեն բարօր ու հզօր երկրի մը կերտման գործին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2023