ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ 2023 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԸ

Կը տեղեկանանք, որ այս տարի եւս լոյս տեսած է Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, 2023 թուականի «Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն եւ համայնքային կառոյցներուն վերաբերեալ ցուցակներ ու տարրական տեղեկութիւններ ալ կան օրացոյցին մէջ։ Բովանդակութեան մէջ է նաեւ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագիրքը։ Օրացոյցը հասանելի է նաեւ առցանց։

Հետաքրքիրներ Պատրիարքարանէն կրնան ապահովել «Եկեղեցական օրացոյց»ը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022