ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԻ ԵՒ «NEWMAG»Ի ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի «Newmag» հրատարակչատան ստեղծագործական կազմը։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։

Հանդիպման ընթացքին հրատարակչութեան գործադիր տնօրէն Արտակ Ալեքսանեան հայցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը՝ խօսելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնի եւ «Newmag»ի միջեւ ստորագրուած յուշագրի, համատեղ իրականացուած ծրագրերու մասին։

Իր օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ այս համագործակցութեան, որու արդիւնքով տպագրուած է քրիստոնէութեան վերաբերեալ հանրամատչելի ու գիտահանրամատչելի գրականութիւն։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց նաեւ հրատարակչութեան տնօրէնութիւնն ու ստեղծագործական կազմը՝ հայորդիներու կրթութեան, դաստիարակութեան եւ արժէքային համակարգի ձեւաւորման ի նպաստ ներդրուած ջանքերուն համար։

Հանդիպման վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2023