ԳԱՐԹԱԼԻ ՄԷՋ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ տարեմուտի առթիւ ժամերգութեան արարողութիւն մը կատարեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է եւ պարբերական այցելութիւններ կու տայ՝ վառ պահելու համար անոր կանթեղը։

Երէկուան ժամերգութենէն վերջ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան կատարեց նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ այս պատմական թաղի ի Քրիստոս ննջած հաւատացեալներուն եւ ի մասնաւորի՝ հոգելոյս Տ. Նշան Քահանայի հոգւոցն ի հանգիստ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2024