ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՄԵԾ ՏՕՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը։ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց վեր­յիշ­ման առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Մայր Տա­ճա­րի մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Պա­տա­րա­գիչն էր Ա­րա­գա­ծոտ­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռո­շեան, ո­րու ձե­ռամբ կա­տա­րուե­ցաւ նոր քա­հա­նա­նե­րու ձեռ­նադ­րու­թիւն։ Ձեռ­նադ­րիչ Սրբա­զան Հայ­րը նոր քա­հա­նա­նե­րը օ­ծե­լէ վերջ խօ­սե­ցաւ նաեւ քա­րոզ մը։ Հարկ է նշել, որ նո­րաօծ քա­հա­նա­նե­րէն եր­կու­քը կու­սակ­րօն են։ Նոր ձեռ­նադ­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պի­տի բո­լո­րեն ի­րենց քա­ռաս­նօ­րեայ ա­պաշ­խա­րու­թեան շրջա­նը։

Բաց աս­տի, Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց տօ­նին առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ պար­գե­ւա­բաշ­խու­թիւն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այդ ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Մայր Ա­թո­ռի զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րուն եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մե­րուն մօտ սպա­սար­կող քա­հա­նայ հայ­րե­րը։ Շուրջ եր­կու հա­րիւր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Շի­րա­կի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեան։

Հան­դի­սա­ւոր մթնո­լոր­տի մէջ կա­տա­րուած պար­գե­ւա­բաշ­խու­մէն վերջ գնա­հա­տան­քի եւ օրհ­նու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։ Այս առ­թիւ ան կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րու դի­մա­կա­յե­լու գոր­ծին մէջ կա­րե­ւո­րեց ա­րիու­թիւ­նը, կամքն ու Հա­յաս­տա­նի գե­րա­գոյն շա­հե­րու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին խնդիր­նե­րը նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը հան­դի­սա­նան հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ու եր­բեմն կարգ մը հա­յոր­դի­ներ տե­ղի կու տան այդ փոր­ձու­թեան առ­ջեւ՝ հե­ռա­նա­լով հա­ւատ­քէն եւ Հա­յաս­տա­նէն։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը հա­մո­զուած է, որ այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­ռա­ւել եւս կ՚ընդգ­ծուի հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ «Ս. Ղե­ւոն­դեանց օ­րի­նա­կով մեր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը պէտք է կա­րե­նան զօ­րաց­նել մեր ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, ազ­գա­նուի­րու­մի եւ ե­կե­ղե­ցա­նուի­րու­մի ո­գին, մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­մուր ու հաս­տա­տուն պա­հել ի­րենց հայ­րե­րու սուրբ ժա­ռան­գու­թեան մէջ՝ փա­րած մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցիին եւ հայ­րե­նի­քին», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016