ՄԵԾ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր հանգրուանին մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կ՚ունենայ հոգեւոր խոր ապրումներ։ Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածնի մէջ Աւագ Հինգշաբթին անցաւ իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ։ Առաւօտեան, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Ապաշխարողաց կարգը։ Միջօրէի ժամերգութեան աւարտին մատուցուեցաւ Ընթրեաց Ս. Պատարագ։
Օրուան խորհուրդը շարունակուեցաւ Ոտնլուայի կարգով։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Ոտնլուայի Տէրունապատուէր արարողութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց խորանին վրայ դրուած ջուրն ու իւղը, որուն յաջորդեց մարդացեալ Աստուածորդիի կատարեալ խոնարհութեան դրսեւորման օրինակը։ Նորին Սրբութիւնը շարականներու երգեցողութեամբ ծնրադիր լուաց եւ իւղով օծեց տասներկու անձերու ոտքը։ Անոնց շարքին էին եպիսկոպոս մը, աբեղաներ, սարկաւագներ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներ, Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի ուսանողներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էօրնէքեան» հանրակրթական դպրոցի աշակերտներ եւ զինուորներ։
Արարողութենէն վերջ օրհնուած իւղը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երեկոյեան ալ տեղի ունեցաւ Խաւարման արարողութիւն։
Եկեղեցական
- 11/27/2024