ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ։ «Ռիա Նովոստի» գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին Քիրիլ Ա. Պատրիարքէն խնդրեց՝ միջնորդել Ատրպէյճանի մէջ քսան տարի ազատազրկման դատապարտուած Կարէն Ղազարեանի ազատ արձակման ուղղութեամբ։ Ռուսաց հոգեւոր պետի ուշադրութիւնը հրաւիրելով սոյն միջադէպին վրայ՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Վերջերս քսան տարուան ազատազրկման դատապարտուած է տակաւին ամրան անծանօթ հանգամանքներով Ատրպէյճանի տարածքէն ներս յայտնուած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, Տաւուշի մարզի Բերդաւան գիւղէն՝ Կարէն Ղազարեան, որ հոգեկան խնդիրներ ունի»։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Կարէն Ղազարեանի պարագային դատական որոշումը ընդունուած է մարդու իրաւանց ակնյայտ խախտումներով։ Վեհափառ Հայրապետը շարուակեց. «Հաշուի առնելով որպէս հոգեւոր առաջնորդներ մեր նախորդ փորձը՝ կը դիմենք ձերդ սրբութեան՝ խնդրելով միջնորդել Ատրպէյճանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն երիտասարդը ընտանիքին վերադարձնելու համար՝ միջազգային պարտաւորութիւններու համաձայն»։

Միեւնոյն ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնեց ռուսաց պատրիարքին՝ հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպումներու կազմակերպման համար։ Այդ ջանքերու նպատակն է նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։ «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ունի բացառապէս խաղաղ կարգաւորում՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան պահպանման եւ կայունութեան ամրապնդման համար։ Հակամարտութեան կարգաւորման համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է ձեւաւորել համապատասխան մթնոլորտ, ներառեալ՝ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումն ու ռազմատենչ հռետորաբանութեան նուազեցումը։ Հայաստանի իշխանութիւնները, ժողովուրդը ամուր են խաղաղութեան ձգտման եւ համերաշխութեան կամքի մէջ, սակայն այդ ճանապարհը չի կրնար ըլլալ միակողմանի», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, գաւազանակիր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019