ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Հայ Ե­րու­սա­ղէ­մի Սուրբ Զատ­կուան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը այս տա­րի եւս ստեղ­ծած են լայն ար­ձա­գանգ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին, ըստ հին տո­մա­րի, շա­բա­թա­վեր­ջին Սուրբ Քա­ղա­քի մէջ տօ­նախմ­բեց Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թիւ­նը։ Տէ­րու­նա­կոխ սրբա­վայ­րե­րու նուի­րա­կան մթնո­լոր­տին մէջ, աշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րէն Ե­րու­սա­ղէմ ժա­մա­նած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հա­ղորդ դար­ձան Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սին, ինչ որ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ի­րենց վրայ։

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, այս տա­րի եւս ուխ­տա­ւոր­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Ե­րու­սա­ղէ­մի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Մինչ այդ, այս տա­րուան ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Տէր Յի­սու­սի Լոյս գե­րեզ­մա­նին վրայ մա­տոյց տա­ղա­ւա­րի մե­ծա­հան­դէս Ս. Պա­տա­րա­գը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի կար­գադ­րու­թեամբ ան հան­դի­սա­պե­տեց այս պատ­մա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան։ Բաց աս­տի, Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քի մեծ բա­կէն ներս կա­տա­րուած Ան­դաս­տա­նին եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քին կող­մէ մա­տու­ցուած Ճրա­գա­լոյ­ցի Ս. Պա­տա­րա­գին եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը։ Սրբոց Յա­կո­բեանց Մայր տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած Ոտն­լուա­յի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քը լուաց նաեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ոտ­քը։

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ծրա­գի­րը ա­ւար­տած ըլ­լա­լով՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր կը վե­րա­դառ­նայ քա­ղաքս։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016