ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ նորաստեղծ «Գաւիթ» հարթակի անդրանիկ քննարկումը։ Քննարկման կը մասնակցէին եկեղեցականներ, ազգային, հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ զանազան ոլորտներու պատկառելի այլ ներկայացուցիչներ։

Տէրունական աղօթքէն յետոյ ներկաները ողջունեց հարթակի համակարգող Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ բացատրութիւններ տուաւ հարթակի կազմութեան աշխատանքներուն շուրջ։

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը  իր պատգամը փոխանցեց մասնակիցներուն։ Հայրապետական իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերելով հարթակի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ քննարկման մասնակիցներուն՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ որպէս քննարկման առաջին նիւթ ընտրուած է «Հայաստանը եւ Արցախը շրջադարձային խաչմերուկին. մարտահրաւէրներ եւ յաղթահարման ուղիներ» նիւթը՝ նկատի առնելով հայրենական կեանքը փոթորկող գործընթացները, առկայ անվտանգային հիմնախնդիրներն ու Արցախի ժողովուրդի դէմ սաստկացող գոյաբանական սպառնալիքները։

Զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան եւ տոց. Շաւարշ Քոչարեան։ 

Շաբաթ, Յունիս 3, 2023