ԼԱՅՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՎ ԶՐՈՅՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն ներս մասնակցեցաւ միօրեայ զրոյցի մը, որ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Համալսարանական ուսանողներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր։ Ինչպէս ծանօթ է, 2022-ը Կիլիկեան Աթոռի գահակալին կողմէ հռչակուած է «Սփիւռքի տարի»։ Երիտասարդներու հետ հանդիպումն ալ մաս կազմեց այս շրջանակին եւ կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին էր։

«Սփիւռքահայ երիտասարդը՝ այսօր եւ վաղը» խորագրեալ հաւաքոյթի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս ուշագրաւ ու շահեկան խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ համալսարանական երիտասարդներուն առջեւ, որոնք նաեւ հարցումներ ուղղեցին անոր։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ ո՛չ թէ երիտասարդներու մասին, այլեւ երիտասարդներու հետ պէտք է խօսիլ, որպէսզի այդ երկխօսութեան ճամբով աւագ սերունդն ու նոր սերունդը կարողանան զիրար լսել ու ճանչնալ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022