Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԹՐԱՄՊԸԼԻ ՄԷՋ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Թրամպըլի Ս. Համբարձում եկեղեցւոյ մէջ։ Հայր սուրբը, որ ուսման համար մեկնած է Նիւ Եորք, երէկ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ Ս. Պատարագի մասնակից հաւատացեալներուն եւ տեղւոյն ծխական խորհուրդին կողմէ։

Արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին եւս հայր սուրբը ջերմ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ։  

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2022