Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Սա անհատական այցելութիւն մըն է եւ ան քաղաքս պիտի վերադառնայ շաբաթավերջին։
Նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց, որ թէեւ մասնաւոր այցելութեամբ Հայաստան մեկնած է, սակայն, բնականաբար կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կը կատարէ ուխտի աղօթքը եւ կը ստանայ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Մինչ այդ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը մասնակցի եպիսկոպոսական ժողովի մը։ Հարկ է նշել, որ անցեալ շաբաթավերջին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը թէեւ յետաձգուած էր, սակայն, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէն եպիսկոպոսներ արդէն մեկնած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Առիթէն օգտուելով նախատեսուած է սրբազաններու մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային զանազան հարցերուն շուրջ։ Ուստի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մասնակցի նաեւ այս խորհրդակցութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին ալ նախատեսուած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։