ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՆՔԱՀԱՅՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ռուսահայ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանը, որ միւռոնօրհնէքի արարողութեան կնքահայրը հանդիսացած էր։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ Սամուէլ Կարապետեան հայրենանուէր ու եկեղեցաշէն գործունէութեան վրայ։ Ան շեշտեց, որ Սամուէլ Կարապետեան նախանձախնդրութեամբ մշտապէս իր զօրակցութիւնը կը բերէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շինութեան ու պայծառութեան։

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Սամուէլ Կարապետեանի եկեղեցասէր ոգին եւ Միւռոնօրհնութեան կնքահօր դերը ստանձնելու յանձնառութիւնը։ Իբրեւ այդ նուիրական արարողութեան յիշատակ՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Սամուէլ Կարապետեանին նուիրեց 2024 թուականի Միւռոնօրհնութեան սափորի նմոյշը, որով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ օրհնուած միւռոնը նուիրապետական աթոռներու գահակալներու, թեմակալ առաջնորդներու միջոցով կը բաշխուի աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Աստուծոյ ամենառատ օրհնութիւններն ու Սուրբ Հոգիի շնորհները մշտապէս ուղեկից ըլլան ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին ու անոր բարեպաշտ ընտանիքին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024