«ՀՈՎԻՒԻ ԽՕՍՔԵՐ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հրատարակչական գործունէութիւնը կը շարունակուի կայուն թափով։ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, յառաջիկային Արեւմտեան թեմի հրատարակութիւններու շարքը պիտի համալրուի նոր ու կարեւոր գործով մը։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի երկերու ժողովածոն՝ «Հովիւի խօսքեր» խորագրին ներքեւ։ Հարկ է նշել, որ Տրապիզոնցի երջանկայիշատակ պատրիարքը եղած է Արեւմտեան թեմի առաջին առաջնորդը։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ տարի Արեւմտեան թեմի հիմնադրութեան 95-ամեակը պիտի նշուի՝ Առաջնորդարանը յոբելենական շրջանին նախաձեռնած է առաջին առաջնորդի գիրքի հրատարակութեան։

Երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեան եղած է մտքի ու գրչի անկրկնելի մշակ մը։ «Հովիւի խօսքեր»ուն մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան Մեծ պահոց իր հոգեշունչ քարոզներու շարքը, հայ կեանքի զանազան դրսեւորումներուն վերաբերեալ՝ որպէս առաջնորդ կատարած խորհրդածութիւնները՝ մանաւանդ, որ պատգամի նշանակութեամբ այդ խօսքերը յոյժ արդիական կը համարուին նաեւ այսօր։ Գիրքի բովանդակութեան մէջ տեղ պիտի գտնեն նաեւ խոհափիլիսոփայական կամ հոգեւոր այլ մտորումներ։ Այդ բոլորի ազդեցութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ այն հանգամանքով, որ լուսահոգի հեղինակ-պատրիարքի բանաստեղծական ուրոյն ոճով ստեղծագործուած է։ Իր գրածները՝ ձեւակերպումներու ճշգրտութեամբ եւ գեղարուեստական ոճով, կը կարողանան ներգործել ընթերցողի մտքին ու սրտին, երկար մտածելու հորիզոններ ստեղծելով։

Այս ժողովածոն պիտի հանդիսանայ Արեւմտեան թեմի «Ոսկեղնիկ» մատենաշարի հինգերորդ հատորը, որու համար յառաջաբան մը գրի առնուած է Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Այս առթիւ ան յիշեցուցած է նաեւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան երկնակամարին վրայ որոշապէս գրուած է Խաչատուրեան Պատրիարքի բարի անունը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021