ՓՈՒԼ ԱՌ ՓՈՒԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնաժողովի՝ Հռոմի մէջ կազմակերպուած 20-րդ նիստին արձագանգները կը շարունակուին։ Յոբելենական բնոյթ ստացած այս ժողովները զուգադիպեցան՝ ներկայ տարեմուտի Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան։ «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանին մէջ կազմակերպուած երկօրեայ քննարկումներուն առընթեր, ժողովականները Հռոմի Ս. Պօղոս տաճարին մէջ մասնակցեցան նաեւ Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ փուլին։ Այս արարողութիւնը առիթ դարձաւ, որ ժողովականները մէկտեղուին նաեւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ, որ նախագահեց աղօթքին։ Սրբազան Պապին հետ աղօթակից դառնալու առընթեր, ժողովականները ընդունուեցան անոր կողմէ։ Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց աստուածաբանական երկխօսութեան իրերայաջորդ փուլերուն արձանագրուած յաջողութեան համար։ Ան եղբայրական ողջոյնները յղեց՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գահակալներուն։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն ալ մասնակցած էին Հռոմի այս երկխօսութեան ժողովներուն, որոնց ծիրէն ներս Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Հայրապետի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պարգեւատրուած էր քահանայապետական շքանշանով մը։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024