ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Տէր Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քին ձօ­նուած տօ­նը։ Ա­ւագ շաբ­թուան սկիզ­բին ըն­դա­ռաջ, Ծաղ­կա­զար­դի ցնծու­թիւ­նը հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կեց հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։ Մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգն ալ այս տա­րի դար­ձեալ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ յու­զում­նա­խառն պա­հե­րու, մինչ մեր մատ­ղաշ սե­րուն­դի ա­ռա­տօ­րէն բա­ժին վի­ճա­կե­ցաւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ օրհ­նու­թիւն­նե­րէն։

Ծաղ­կա­զար­դի առ­թիւ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հան­դի­սա­ւոր ան­դաս­տան, ո­րուն յա­ջոր­դեց մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մայր Տա­ճա­րի ա­տեա­նին մէջ հա­ւա­քուած մա­նուկ­նե­րը ստա­ցան Նո­րին Սրբու­թեան օրհ­նու­թիւ­նը։

Իս­թան­պու­լի մէջ, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին օ­րը ամ­բողջ հա­մայն­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ, ուր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին՝ Խա­չիկ Սա­րը­լը, Գէորգ Ներ­կիզ, Ա­լէն Տի­րան Ներ­կիզ եւ Ար­ման Պուլ­տու­քեան սար­կա­ւագ­նե­րը։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պահ­քի սե­ղա­նի շուրջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Սա­մա­թիոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­մի­րի եւ ըն­կեր­նե­րուն հետ։

Յետ­մի­ջօ­րէին Ծաղ­կա­զար­դի օ­րուան ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան նոյն ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Դռնբա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի կող­քին էին՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան, Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, ինչ­պէս նաեւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քէր­վան­ճեան եւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։ Ան­դաս­տա­նին յա­ջոր­դեց շատ տպա­ւո­րիչ ու­րիշ ա­րա­րո­ղու­թիւն մը՝ Դռնբա­ցէ­քը, որ­մէ վերջ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան կար­գը։ Թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նէն բազ­մա­տաս­նեակ փոք­րիկ­ներ՝ ձի­թե­նիի ճիւ­ղե­րով զար­դա­րուած խո­րա­նին վրայ ա­ռար­կայ դար­ձան հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րու հայ­րա­կան գուր­գու­րան­քին։ Այս առ­թիւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը մա­նուկ­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, մեր հա­յա­հոծ թա­ղե­րէն Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ ալ Ծաղ­կա­զար­դի օ­րուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ Հայր Սուր­բը փո­խա­նեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը թա­ղե­ցի մա­նուկ­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015