Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲԵՂԱՅ ՊԵՍՔԻՍԻԶԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Յարութիւն Սրկ. Գույումճեան, Արամ Սրկ. Պուլտուքեան եւ այլ դպիրներ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներուն կողմէ, որոնց երգեհոնով նուագակցեցաւ Ռոպէր Տողանայ։
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան, ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի կողմէ գլխաւորուած Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը պահքի սեղանով մը պատուեց Նորին Սրբազնութիւնը։ Սիրոյ սեղանին շուրջ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան առարկայ դարձաւ հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալներուն ջերմ վերաբերմունքին։ Բոլորը յաջողութեան եւ կարողութեան բարեմաղթանքներ յղեցին իրեն։ Նոյն առթիւ շնորհաւորանքներ յղուեցաւ նաեւ տիրամայր Վարդուհի Պեսքիսիզեանին։ (Լուսանկարներ՝ Արի Թաշ)
Եկեղեցական
- 11/27/2024