ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ճուն Եամատայի հետ, որ այս շրջանին դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է Հայաստանի մէջ։

Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին՝ Հայաստանի մէջ իրականացուցած առաքելութեան համար։ Ան բարձրօրէն գնահատեց ճաբոնացի դեսպանին ներդրած ջանքերը երկու երկիրներու համագործակցութեան սերտացման եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ դեսպանը նոյն ջերմեռանդութեամբ կը շարունակէ իր ապագայ ծառայութիւնը։

Իր կարգին, Ճուն Եամատա շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ՝ հայ-ճաբոնական մշակութային կապերու զօրացման նպատակով  ցուցաբերուած համագործակցութեան եւ զօրակցութեան համար։ Ան խօսեցաւ Հայաստանէ ներս ծառայութեան իր տարիներու տպաւորութիւններուն՝ մասնաւորապէս հայկական մշակոյթի եւ անոր իւրայատկութեան մասին։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դէմ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն, պատերազմի աղիտալի հետեւանքներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան արձագանգին։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը երախտագիտութիւն յայտնեց դժուարին օրերուն Ճաբոնի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021