ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Հայաստանի Փաստաբաններու պալատի նախագահ Սիմոն Պապայեանի կողմէ գլխաւորուած հիւրեր։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Փաստաբաններու պալատի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ կազմակերպուած է միջազգային համաժողով մը։ «Փաստաբանութիւնը համարկման գործընթացներու համատեսքին մէջ. հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ» վերնագրեալ այս համաժողովին մասնակցութիւն կը բերեն Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն եւ Ֆրանսայէն մասնագէտներ, որոնց նպատակն էր ծանօթանալ հասարակական կեանքէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ իրաւական ոլորտէ ներս ունեցած աւանդին։

Ողջունելով հիւրերը՝ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութեան։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու կրողը եւ հայկական ինքնութեան կերտողը՝ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ ստանձնելով իրաւունքներու եւ քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն, գերիներու վերադարձի խնդրին, Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած հայատեաց քաղաքականութեան, որ ուղղուած է ո՛չ միայն Արցախի հայութեան, այլեւ՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս համամարդկային նշանակութեամբ կրօնական, հոգեւոր-մշակութային կոթողներու դէմ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, թէ հայ ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքի շնորհիւ եւ բարեկամ ու հաւատակից ժողովուրդներու զօրակցութեամբ ուժ կը գտնէ յաղթահարելու առկայ դժուարութիւնները։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2022