ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի Ալեքսանդրոփոլի Մետրապոլիտ Անթիմոս Քուքուրիտէսը, որ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան առթիւ այցելեց Հայաստան։ Մետրապոլիտին հետ էր նաեւ Առաջնորդարանի դիւանապետ Իրէնէոս Վրդ. Լավցիս։ Հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Յունաստանի Հայոց Թեմի Առանջորդական Տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։

Հանդպիման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն եւ սերտ համագործակցութեան մասին։ Իր կարգին հիւր մետրապոլիտն ալ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Աթէնքի Հերոնիմոս Բ. Արքեպիսկոպոսի ջերմ ողջոյնները։ Վեհափառ Հայրապետն ալ մետրապոլիտին միջոցաւ փոխանցեց իր եղբայրական ողջոյնները Աթէնքի արքեպիսկոպոսին համար։

Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեան։

Մինչ այդ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից հերթական ժողովը, որուն նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ներկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի թեմերու սպասաւորները, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի, Ռուսաստանի, Հարաւային Ռուսաստանի, Անգլիոյ եւ Իրլանտայի, Ուքրայնոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Վրաստանի, Ռումանիոյ եւ Իրաքի թեմերէն, Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութենէն այս առթիւ ժամանած քահանաներ։ Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռի կամ ներքին թեմերէն ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, ներքին թեմերու առաջնորդներ, Մայր Աթոռի շուրջ հինգ տասնեակ միաբաններ եւ 205 քահանաներ։

Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ եկեղեցականները Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցան ժամերգութեան։ Աւելի վերջ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու կազմակերպիչ յանձնախումբի գլուխը կը գտնուէր Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան։

Օրուան տեւողութեան ներկայացուած զեկուցումներէն վերջ հաւաքը եզրափակուեցաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքով։ Խօսելով հոգեւորականի պարտականութիւններու եւ իրաւունքերու մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ եկեղեցականներու պարտականութիւններէն կը ծնին իրաւունքները, իսկ պարտականութիւններու ընկալումը սերտօրէն կապուած է քահանայական կոչման գիտակցութեան հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2017