Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Շաբաթավերջին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցաւ բանակումի եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շուրջ 1200 սկաուտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը եւ մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։
Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ Սփիւռքի փոխ-նախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան։
Բանակումի եզրափակիչ փուլին ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։
Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018