ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ Կ՚ՈՒՂԱՐԿԷ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ՝ ՓՐՈԹԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ զանազան ժամանակաշրջաններով Հայաստանի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած վեց զինուորներ, որոնք յառաջիկայ շրջանին դարմանման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ զինուորները պիտի ստանան անհրաժեշտ բուժում եւ վերջոյթներու փրոթեզ։

Հանդիպման սկիզբին Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան հայցեց Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը՝ բուժման մեկնող զինուորներու հերթական խումբին համար։ Ան կարեւոր նկատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան ծրագրերու միջոցաւ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը՝ հայոց բանակին եւ հայ զինուորին ի նպաստ։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը զինուորներուն փոխանցեց իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ իւրաքանչիւր հայու համար հպարտութիւն է տեսնել ազգի զաւակներու՝ հայրենիքը սեփական կեանքի գնով պաշտպանելու պատրաստակամութիւնը։ Ան հաստատեց, որ Հայոց Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը արժանի գնահատանքն է հայոց հողի պաշտպանութեան նուիրական գործին իրենց կեանքը ընծայած հայորդիներուն։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ նշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հնդկաստանի հայ համայնքի կողմէ ձեռնարկուած՝ վիրաւորեալ զինուորներու փրոթեզի այս ծրագիրը պիտի ըլլայ շարունակական։

Իրենց հերթին, զինուորականներն ալ երախտագիտութիւն յայտնեցին Հայոց Հայրապետի հոգածու վերաբերմունքին համար։ Անոնք պատասխանեցին նաեւ Նորին Սրբութեան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին իրենց կեանքին ու գործունէութեան։

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զինուորականները։ Ան մաղթեց, որ Ամենակալ Տէրը անոնց պարգեւէ ուժ եւ եռանդ հայրենանուէր ծառայութիւնը խաղաղութեան մէջ շարունակելու համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019