Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԱՐՔ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանէն՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան այս օրերուն կը հիւրընկալուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Ըստ էութեան, Անթիլիասի եւ Պիքֆայայի մէջ ան կ՚անցընէ իր կեցութեան շրջանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունած է նորին սրբազնութիւնը։

Լուսանկարին մէջ Կիլիկեան Աթոռի գահակալն ու Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան կ՚երեւին Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2022