ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի զինեալ ուժերէն հինգ զինուորներ, որոնք վերջերս դարմանման համար մեկնած էին Հնդկաստան։ Այդ զինուորները փրոթեզի դարմանումի համար ուղարկուած էին Հնդկաստան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վար-չութեան աջակցութեամբ։ Այնտեղ կազմակերպուած էր անոնց դարմանումը։

Դարմանումէ վերադարձին Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց զինուորականները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Այս վերջինը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց, որ զինուորականները ստացած են անհրաժեշտ բուժումը ու վերադարձած հայրենիք՝ պատրաստակամօրէն շարունակելու համար իրենց ծառայութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ վիրաւոր զինուորներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեամբ այս ծրագրի շրջանակներուն մէջ տարուան ընթացքին նախատեսուած է փրոթեզի դարմանում ցուցաբերել 16 զինուորականի։

Իրենց հերթին, երիտասարդ սպաներն ու զինուորներն ալ խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ Հնդկաստանի մէջ իրենց բուժման կազմակերպման բերումով։

Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ զինուորներու առողջական վիճակով ու բուժման արդիւնաւէտութեամբ։ «Մենք մեր խոնարհումը կը բերենք ձեր եւ մեր հայոց բանակի զինուորներուն։ Ազգը կը սիրէ եւ կը գնահատէ իր զինուորները եւ պատրաստ է ամէն յանձնառութեան յանուն ձեզի եւ բանակին», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, ըստ որու, ցուցաբերուող աջակցութիւնը նուազագոյնն է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կրնայ ընել հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ նուիրեալ պարտքը կատարելու ժամանակ ծանր վիրաւորում ստացած զինուորականներուն համար։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018