ՄԻՒՌՈՆԱԲԱՇԽՄԱՆ ԿԱՐԳ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնի բաշխման աւանդական արարողութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ միւռոնաբաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ։ Տէրունական աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Այս վերջինը ուրախութեամբ փաստեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնական շրջանը կ՚եզրափակուի՝ Յաղթութեան Սրբալոյս Միւռոնի բաշխմամբ։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնով լի անօթները փոխանցեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աշխարհատարած երեսունեօթ թեմերու առաջնորդներուն։
Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը տուաւ նաեւ իր պատգամը, որ ըսաւ, թէ Սրբալոյս Միւռոնը հոգեւոր նորոգութեան խորհուրդ ունի իր մէջ։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը շեշտեց, որ աշխարհի զանազան կողմերէն հաւատացեալներու կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնութեան բերուած խանդավառ մասնակցութիւնը կը վկայէ մեր հոգեւոր զարթօնքին մասին։
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՕՐԵՐ
Մինչ շաբաթավերջի սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան արձագանգները կը շարունակուին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յատկանշական իրադարձութիւնները իրարու կը յաջորդեն այս օրերուն։ Երէկ, Մայրավանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ ոգեկոչուեցաւ իր երջանկայիշատակ նախորդը՝ հոգելոյս Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Նորին Սրբութիւնը հանդիսապետեց Մայր Տաճարի զանգակատան հովանիին ներքեւ գտնուող երջանկայիշատակ հայրապետի շիրմին մօտ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Աւելի վերջ հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի բացումը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր բարձր գնահատանքին առարկայ դարձուց բարերար Թիթիզեան ամոլը։
Նոյնպէս երէկ Մայրավանքի տարածքէն ներս Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ հանդիսաւորապէս օծուեցան 2015-ի տարելիցին ձօնուած խաչքարերը, որոնք ունին 6 մեթր բարձրութիւն։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մուտքասրահին մէջ ալ բացուեցաւ «Սրբալոյս Միւռոն» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։
Ի լրումն այս բոլորին, երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։ Այսպէս «Արամ Խաչատուրեան» ֆիլհարմոնիայի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը։ Համերգին զուգահեռ դահլիճի մուտքասրահին բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ խորագրուած էր՝ «Հայոց եկեղեցին միջազգային թղթատարային բացիկներուն մէջ»։
Միւս կողմէ, այս առաւօտ ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ տեղի ունեցաւ սրբալոյս Միւռոնին ձօնուծ դրոշմաթուղթերու կնքնման արարողութիւնը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024