ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» մրցանակաբաշխութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ կազմակերպուած արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու պարգեւատրման արարողութիւնը։ հայոց պատմութեան, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, աշխարհագիտութեան, տարրաբանութեան, կենսաբանութեան առարկաներու ուսուցիչներուն եւ դասվարներու շարքէն ընտրուած էին այս տարուան յաջողագոյնները, որոնք ստացան նուէրներ։
Արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։ «Ուսուցիչի եւ իր առաքելութեան, ծառայութեան գնահատումը մշտապէս եղած է եւ պիտի մնայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդի՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետի ուշադրութեան կեդրոնին։ Այս մրցոյթը մէկն է այն բազմաթիւ ծրագրերէն, ձեռնարկներէն, որոնց նպատակն է ազգի դպրոցին մէջ ոգեւորել ուսուցիչը, արժեւորել անոր կատարած աշխատանքը, գնահատել իբրեւ այդ տարուան մէջ լաւագոյնը եւ խթանել, որպէսզի այս գնահատանքը, հմտութիւնը ու մարդակերտման կարողութիւնը տարածուի նաեւ միւս մանկավարժներուն վրայ։ Ուսուցիչը ոչ միայն գիտելիք պէտք է փոխանցէ աշակերտներուն, այլեւ կեանքուսոյց դերակատարութիւն պէտք է ունենայ։ Ան պէտք է ըլլայ այն կարեւոր օղակը, որ պէտք է յստակ զատում դնէ ժամանակաւորի եւ յաւիտենականի միջեւ», ըսաւ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
Իր կարգին, Լեւոն Մկրտչեան չափազանց յուզիչ նկատեց այն հանգամանքը, որ ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի յոբելենական ժամանակաշրջանին։ Ան ըսաւ. «Երբ մենք փորձենք գնահատել անկախութիւնը եւ հասկնալ արժէքները, որոնք բերաւ իր հետ մեր կեանքի այս նոր ձեւաչափը, թերեւս երկու կարեւոր փաստ կը շեշտադրուի։ Առաջինը՝ մեր անկախութեան շքերթի ժամանակ հոգեւոր գունդի շարահիւսային քայլն է, երբ ան կարողացաւ մեր գունդերուն հետ միասին հպարտօրէն քալել եւ այսպէսով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին փաստեց, որ ինք ամբողջական ներկայութիւն է մեր ոչ միայն հոգեւոր կեանքէն ներս, այլեւ հոգեւոր-ֆիզիքական անվը-տանգութեան համակարգին մէջ։ Երկրորդը՝ որ աւելի հզօր եւ կարեւոր փաստ մըն է, մեր կրթական ծրագրերուն մէջ Հայ Եկեղեցւոյ՝ արդէն մնայուն եւ լայնածաւալ ներկայութիւնն է։ Եթէ մենք կը խօսինք ազգային կրթակարգէ, պէտք է նշենք, որ առանց Հայ Եկեղեցւոյ չկայ հայ տեսակը, ան այս տեսակի անքակտելի մանս է, անոր միսն ու արիւնն է եւ հոգեւոր ներկայութիւնը։ Դպրոցներու մէջ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչները կ՚իրականացնեն մեծ առաքելութիւն՝ կու տան տեսակի շարունակութեան բանալին»։
Մրցանակաբաշխութեան մասնակիցներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կըր-թութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Կարինէ Աճէմեան։ Այս առթիւ ան եւս անդրադարձաւ կրթութեան ոլորտէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ ստանձնած վիթխարի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ աշակերտի վարքագծի կերտման տեսանկիւնէն ուսուցիչի դերակատարութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ կրթութեան ոլորտէն ներս արձանագրուած կարեւոր ձեռքբերումներուն։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը եւ նախարարը մըր-ցոյթի դափնեկիրներուն յանձնեցին մասնակցութեան վկայականներ, հոգեւոր գրականութիւն եւ դրամական պարգեւներ։
Պարգեւներու յանձնումէն վերջ արտայայտուեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» տարեկան մրցանակաբաշխութեան բարերարուհի Սիլվա Տէր-Ստեփանեան (Միացեալ Նահանգներ)։ «Մեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եղաւ եւ է Հայր Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը ամբողջ հայութեան։ Ան պիտի շարունակէ մնալ ոչ միայն մեր հայ հաւատքի ուղեցոյցը, այլ նաեւ մեր սուրբ աղբիւրը», ըսաւ Տէր-Ստեփանեան ու մաղթեց, որ մշտապէս պանծացուի հայերու յոյսի, լոյսի եւ հաւատքի սուրբ կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
Շնորհակալութեան խօսք մըն ալ արտասանեց մրցանակի արժանացած ուսուցչուհի Անոյշ Խաչիկեան։ Աւելի վերջ գեղարուեստական կատարումներով հանդէս եկաւ «Նոր անուններ» համոյթը՝ ղեկավարութեամբ Սիլվա Մեքինեանի։
Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ներկաները, փոխանցեց իր գնահատանքը լաւագոյն ուսուցչի պատուին արժանացած կրթական մշակներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց կողմէ մատուցուած բարի եւ ազնիւ ծառայութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը ուսուցիչները համեմատեց աւետարանական բարի սերմնացանի կերպարին հետ։ Անոնք հայորդիներու հոգիներն ու միտքը կը հերկեն եւ կը սերմանեն բարի հունտեր, ապա հոգ կը տանին ու կը խնամեն, որ այդ հունտերը ծիլ տան եւ բարի արդիւնք բերեն հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Նորին Սրբութիւնը շարունակեց. «Աստուծոյ փառք կու տանք, որ այդ աշխատանքը կ՚իրականացուի սիրով եւ նախանձախնդրութեամբ։ Վկայութիւնը տեսանք նաեւ վերջերս, երբ այցելեցինք Լեռնային Ղարաբաղ, հանդիպեցանք հայոց բանակի քաջարի մարտիկներուն։ Հպարտութիւն զգացինք այն ոգիին եւ գիտակցութեան համար, որով անոնք իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին։ Մենք այս իմաստով նոյնպէս մեր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը կը բերենք ձեզի։ Ուսուցիչը մեր մշտական աղօթքներուն մէջ է, որպէսզի անոր աշխատանքով առատանան շնորհները մեր զաւակներու կեանքէն ներս, այդ շնորհներով անոնք ալ իրենց հերթին զարդարեն հայ կեանքը եւ հայոց անդաստանները»։
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լեւոն Մկրտչեանի մասին՝ շնորհաւորելով անոր վերանշանակումը։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց եկեղեցական-կրթական կառոյցներու եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնը, ինչ որ կը պսակուի գեղեցիկ նախաձեռնութիւններով։ Վեհափառ Հայրապետը միեւնոյն ժամանակ իր օրհնութիւնը բերաւ այս մրցանակաբաշխութեան երկարամեայ հովանաւորներուն՝ Սիլվա եւ Իրմա Տէր-Ստեփանեան քոյրերուն, ինչպէս նաեւ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանին։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները եւ Երկնաւոր Տիրոջ հովանին ու զօրակցութիւնը յայտնեց ազգանպաստ իրենց առաքելութեան արդիւնաւոր իրականացման ուղղութեամբ։