Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԿՐԻՆՎԻԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ հոգեւորականներու շարունակական կրթութեան հաւաքը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Աշնան շրջանի այս հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս ուսումը կատարելագործելու համար կը յաճախէ Ս. Ներսէս ընծայարան, որ կը գործէ Արեւելեան թեմի առընթեր։

Այս տարուան հաւաքը գլխաւորեց Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան։ Սոյն հաւաքին ներգրաւուած էին այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայէին Արեւելեան թեմի՝ Միջին Ատլանտեան շրջաններէն ներս։ Աշխատանքները տեղի ունեցան Նիւ Եորքի արուարձաններէն Կրինվիլի մէջ, Արարատեան երիտասարդական ու ժողովական կեդրոնի երդիքին տակ։

Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան հաւաքի ծրագրին շրջանակէն ներս հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը՝ անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ սուրբգրային կանոնին, Աստուածաշունչի հեղինակներու մտադրութեանց, Սուրբ Գրքի այսօր մարդկանց տեսակէտէ ներկայացուցած նշանակութեան եւ քարոզներու մէջ Աստուածաշունչի գործածութեան։

Արեւելեան թեմէն ներս սոյն հաւանքներու շարքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ ամսուան առաջին կէսին՝ Նիւ Ինկլընտի շրջանի հայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022