ԳԱԳԱԹՆԱՅԻՆ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց Լոս Անճելըսի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Արեւմտեան Թեմի հայութեան տեսակէտէ հոգեւոր գագաթնային ցնծութեան առիթ հանդիսացաւ հայրապետական Ս. Պատարագը։ Մեծահանդէս արարողութեան ընթացքին եկեղեցին լեցուած էր ամբողջութեամբ։ Ս. Պատարագի մասնակիցներու շարքին էին ամերիկահայ յայտնի գործիչներ, բարերարներ, մտաւորականներ, Թեմի պատասխանատուներ, միջեկեղեցական հիւրեր եւ այլք։
Պրպենքի առաջնորդարանէն Վեհափառ Հայրապետը ծանրաշուք թափօրով մը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր Ս. Պատարագի ընթացքին ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Արեւելեան Թեմի Ուաշինկթընի պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափի անթիլիասական առաջնորդ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։
Յաւարտ արարողութեան տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Նորին Սրբութեան գահակալութեան մօտալուտ 18-րդ տարեդարձին առթիւ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Վեհափառ Հայրապետը այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Մեքսիքա։ Ան աւելի վերջ կը վերադառնայ Լոս Անճելըս, ուր իր բարձր նախագահութեամբ նախատեսուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։
Միւս կողմէ, հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ հայկական վարժարաններու աշակերտներու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի երիտասարդներուն հետ։