ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Եգիպտոսէն ղպտի յայտնի գործարար Նակիպ Սավիրիսի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կեցութեան օրերուն ան այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էին տքթ. Փոլ Պօղոսեան, տքթ. Պրիւս Պօղոսեան, տքթ. Վահրամ Տէր-Մատթէոսեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան։
Զրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներուն եւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ նաեւ Արեւելքի քրիստոնէական համայնքներու խնդիրներուն եւ անոնց ցուցաբերուած զօրակցութեան։ Նոյն ամբողջին մէջ շօշափուեցան Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ ջերմ յարաբերութիւններու ու սերտ համագործակցութիւնը։
Սավիրիս պատրաստակամութիւն յայտնեց, ըստ ամենայնի, իր նպաստը բերելու առկայ հիմնախնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։