ԱՊՐԻԼ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՈՒԹԵՄԲ
Ամանոր է այսօր։ Ժամը 24.00-ին, ժամացոյցի սլաքներու միացումով մեր ապրած օրերը կը կամրջուին Ամանորի հետ եւ անմիջապէս յետոյ ապրուած երկվայրկեանը արդէն իսկ կը դառնայ սեպհականութիւնը Նոր տարուան՝ բանալով նոր վարագոյր մը մեզ սպասող անծանօթ ապրումներու, նոր էջ մը սպասուած ապագայ օրերու ուրախ եւ տխուր պատահարները պատմութեան յանձնելու համար։
Ինչպէս ամէն Ամանորին կը կրկնուի, կը գտնուինք ապագայի մը առջեւ, որ բոլորովին լի է անորոշութեամբ։ Այս անորոշութեան մէջ մէկ բան յստակ է. հաւանական ուրախութիւններ եւ տրտմութիւններ մեզի կը սպասեն։ Ամանորին, զիրար կը շնորհաւորենք ըսելով. «շնորհաւոր Նոր տարի», «երջանիկ տարիներ» եւ կամ «շատ տարիներու»։ Այս բարեմաղթութիւնները կ՚արտայայտեն նոր տարիի կապակցութեամբ մեր սրտի փափաքները, որոնք իսկութեան մէջ կը ցոլացնեն մեր յուսալի սպասումները ուրախալի ու երջանկաբեր օրերու։
Ուրախ պատահարներ արդէն իսկ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն կը բուրեն։ Երբ դէմ յանդիման կու գանք ուրախութեամբ օծուն պահերու, ընդհանրապէս զանոնք կը սեպհականացնենք եւ այդ ուրախութիւնները կը նկատենք՝ որպէս ձեռքբերումը մեր անձնական միջոցներուն, յաճախ մոռնալով փառք տալ Աստուծոյ՝ առանց մտաբերելու, թէ աստուածապարգեւ ձրի շնորհներուն կը պարտինք ապրուած ուրախութիւնները, զորս կ՚որակենք կեանքի յաջողութիւններ։
Սակայն սլաքներու միացման պահուն երբ կը նայինք մեր ծերունազարդ աշխարհին, կը տեսնենք հիւանդութիւններ պատճառող նորանոր ժահրեր, ահաբեկչութիւններ, պատերազմներ, ընկերային բախումներ, երկրաշարժներ, բնական աղէտներ, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ տիրող անսուաղութեան եւ ծայր աստիճանի աղքատութեան պատճառաւ յառաջացած մահեր՝ մանաւանդ մահեր իրենց մանկութիւնը ապրելու երջանկութենէն զրկուած մանուկներու։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ մարդկութեան կեցուածքը ի տես այս բոլորին։ Երբ տրտմութեան երեւոյթները դուրս կը մնան մարդոց կեանքի ծիրերէն, պարզապէս մարդը կ՚արգահատի եւ այդքան միայն, քանի որ այդ ժխտական եւ ոչ-ցանկալի երեւոյթները յօգուտ զրկեալին կամ տառապեալին չքացնելու կամ դարմանելու ուղղութեամբ ոչինչ կու գայ իր ձեռքէն, բացի աղօթելէ, այդ ալ եթէ կայ հաւատքը, թէ աղօթքը զօրութիւն ունի երկինքը շարժելու։
Իսկ այս բոլորէն կը տարբերին, երբ դէմ յանդիման կը մնանք դժբախտութիւններու, ցաւերու եւ տառապանքներու հետ, որոնք որպէս ժխտական երեւոյթներ կու գան մթագնել մեր կեանքի երկնակամարը։ Պէտք է խոստովանիլ այն ճշմարտութիւնը, թէ ընդհանրապէս կը տկարանանք անոնց առջեւ եւ կ՚անճրկինք։ Յաճախ շուարումի կը մատնուինք եւ այդ տկարութեան հոգեվիճակին մէջ կը մոռնանք, որ կը գտնուինք մեր Արարիչին՝ Աստուծոյ նախախնամական զօրութեան ներքեւ. զօրութիւն մը, որ իսկութեան մէջ զգալի կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ կ՚ունենանք հաւատքի զօրութիւնը։ Այս հաւատքի զօրութիւնն է, որ մեզի կ՚ապահովէ բարոյական աննիւթ յաղթանակ մը, որուն անտեսանելի պսակները հիւսուած եւ պատրաստուած են՝ որպէս միակ միջոցը մխիթարութեան։ Եթէ կ՚ուզենք մխիթարուիլ, պարտինք յիշել, որ յուսահատութիւնը, վախը փարատելու միակ միջոցը կը կայանայ Քրիստոսի խօսքին ապաւինելու եւ անոր հաւատարիմ մնալու մէջ։
Ընդհանրապէս մեր տկարութեան պահերուն է, որ փորձիչը՝ սատանան կու գայ սողոսկիլ մեր կեանքերէն ներս, իր թունաւոր առաքելութեամբ. թոյն մը, որ մեզ կը մղէ Աստուծոյ դէմ ապստամբելու։ Սակայն Սուրբ Աւետարանէն կը կարդանք Քրիստոսի տարած յաղթանակին մասին. յաղթանակ մը, որ զգետնումն է սատանային ու իր ամբողջ զօրութեան։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, որուն վախճանման 850-րդ տարելիցը կը յիշատակուի այս տարի համազգային չափանիշով, սատանայի մատնուած պարտութեան վիճակին առընթեր կը յայտնէ նաեւ չար իշխանին յաղթելու փափաքը.
Ընդ յաղթութեան՝ քո երրակին
Ի փորձութեան յանապատին։
Տուր ինձ յաղթել՝ չար իշխանին.
Աներեւոյթ բռնաւորին։
Գնալ բանիւ՝ քում հրամանին.
Յիժին վերայ՝ եւ ի քարբին։
Կոխել ոտիւք՝ գարշապարին.
Զգլուխ կամակոր՝ վիշապ օձին
(Յիսուս Որդի)
Յաղթանակովդ երրակի
Անապատի փորձութեան մէջ,
Տուր որ յաղթեմ չար իշխանին,
Աներեւոյթ բռնաւորին։
Հրամանովդ քալել
իժին եւ քարբին վրայ
Կոխել ոտքիս գարշապարով
Ու ջախջախել գլուխը պինդ օձ վիշապին։
(Թրգ. Շնորհք Պատրիարքի)
Սուրբ Աւետարանը մեզի կ՚ուսուցանէ, թէ Քրիստոս անապատին մէջ սատանային յաղթեց՝ ըսելով. «Ետիս գնա սատանայ, որովհետեւ գրուած է պիտի երկրպագես քու Տէր Աստուծոյդ եւ զայն միայն պիտի պաշտես» (Մատթէոս, 4.10-11)։ Քրիստոսի այս խօսքը կու գայ մեզի յիշեցնել, թէ «Տէր Աստուծոյ երկրպագելու եւ զայն պաշտելու» ճանապարհը ուղիղ ճանապարհ է եւ «դէպի կեանք կը տանի, հակառակ անոր, որ նեղ է եւ դուռը՝ անձուկ» (հմմտ. Մատթէոս, 7.13-14)։ Նաեւ Սուրբ Աւետարանէն կը սորվինք, թէ Քրիստոս է «Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը, ոչ ոք Հօրը կու գայ եթէ ոչ Անով» (Յովհաննէս, 14.6)։
Սա անյեղլի ճշմարտութիւն է, թէ երբ մխիթարուելու կարիքը կ՚ունենանք, կը կարօտինք Աստուծոյ պարգեւելիք զօրութեան։ Տառապանքներու եւ նեղութիւններու մէջ մխիթարուելու օրինակը կու տայ Պօղոս առաքեալ՝ ըսելով. «Օրհնեալ է Աստուած եւ Հայրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Հայրը գթութիւններու եւ Աստուած ամենայն մխիթարութեան, որ կը մխիթարէ մեզ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք ալ կարող ըլլանք մխիթարելու զանոնք, որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութեամբ՝ որով կը մխիթարուինք մենք Աստուծմէ» (Բ. Կորնթացիս, 1.3-4)։ Ուրեմն Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, թէ նախ եւ առաջ պէտք է մխիթարուիլ գթութեան Հօր եւ ամէն մխիթարութիւն պարգեւող Աստուծոյ շնորհիւ, որպէսզի մխիթարուած ըլլալու վիճակով կարելի ըլլայ մխիթարել նեղութիւններու մէջ եղողները։ Եկեղեցին Պօղոս առաքեալի այս բառերը յիշեցնող աղօթք մը ունի, զոր կը կարդանք, երբ կը վերադառնանք գերեզմանատան մէջ կատարուած թաղման արարողութենէն։
Եկեղեցւոյ սուրբերը իրենց կեանքի օրինակով կը ներկայանան բոլորիս՝ որպէս հաւատքով համբերելու կենդանի յուշարձաններ։ Բոլորը խոր համոզում գոյացուցած են, թէ «Քրիստոսին չարչարանքները ինչպէս որ իրենց մէջ շատ եղած էին, նմանապէս Քրիստոսի միջոցով իրենց մխիթարութիւնն ալ աւելի պիտի ըլլար» (Բ. Կորնթացիս, 1.5-7)։ Արտայայտութիւն մը, որ նոյնինքն Քրիստոսի վրայ դրուած ապրող եւ շնչող յոյսին պտուղն է եւ «յոյսը չ՚ամչցներ բնաւ» (Հռովմայեցիս, 5.5)։
Հեթանոսաց առաքեալը կը յիշեցնէ, թէ «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ հակառակ ըլլալ մեզի»։ Յիշեցում մը, որ կը բղխի Հին կտակարանի ակունքներէն (օր. Թուոց, 14.9։ Սաղմոսք, 118.6) եւ ազդու միջոց է նեղութեանց մատնուած աստուածասէր եւ բարեպաշտ հաւատացեալը յուսալքուելու վտանգէն պահպանելու։ Առաքեալը կը շարունակէ՝ ըսելով. «Ան որ իր Որդին իսկ չխնայեց, այլ մեզ ամենուս համար մահուան մատնեց զայն, ալ ինչպէ՞ս անոր հետ պիտի չշնորհէ մեզի ամէն բան» (Հռովմայեցիս, 8.32)։ Ուստի քանի որ Աստուած իր Միածին Որդւոյն՝ Քրիստոսի միջոցաւ շնորհքներ կը պարգեւէ, որքա՜ն կարեւոր է առատանալ Քրիստոսի սիրով, որ կը շեշտադրուի հարցումով մը. «…ո՞վ պիտի բաժնէ մեզ Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, կամ անձկութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտանգնե՞րը, կամ սո՞ւրը» (Հռովմայեցիս, 8.35-36). հարցում մը, որ կարգախօսի վերածուած էր մեր ազգի պատմութեան ճգնաժամային մէկ պահուն՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից մօտ։ Պօղոս առաքեալ, հարցումին մէջ յայտնուած կեանքի վիճակներուն նկատմամբ յաղթող դիրքաւորումին աւետիսը կու տայ. «…Բայց այս բոլորէն ալ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր, որ սիրեց մեզ։ Որովհետեւ վստահ եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները եւ ո՛չ ուրիշ բաներ որ հիմա կան, ո՛չ գալիքները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ բարձրութիւն, ո՛չ խորութիւն եւ ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ արարած կրնայ բաժնել մեզ Աստուծոյ այդ սէրէն՝ որ կայ մեր Տէր Քրիստոս Յիսուսով» (Հռովմայեցիս, 8.37-39)։
Ամանորին, վստահինք Աստուծոյ զօրութեան եւ դրսեւորենք Անոր Խօսքին լսելու եւ ենթարկուելու պատրաստակամութիւն։ Ամանորին, Դաւիթ մարգարէի հետ աղօթենք հանրածանօթ սաղմոսի բառերով, որոնց մէջ կը յայտնուի վստահութիւն Աստուծոյ շնորհներուն վրայ.
Տէրը իմ հովիւս է.
Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։
Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ,
Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ՚առաջնորդէ։
Հոգիս կը նորոգէ։
Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ՚առաջնորդէ ինծի։
Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտտիմ,
Չարէն պիտի չվախնամ,
Վասն զի դուն ինծի հետ ես,
Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։
(Սաղմոսք, 23.1-4)։
Աստուած բոլորիս հետ ըլլայ եւ զօրութիւն պարգեւէ Դաւիթ մարգարէի ցուցաբերած վստահութեան օրինակը կեանքի կոչելու եւ մեր կեանքի բոլոր օրերուն յիշելու Սուրբ Գիրքի բառերը. «Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ ու ինծմէ ուրիշ Աստուած չկայ» (Բ. Օրինաց, 32.39), նաեւ երգելու Ստեփանոս Սիւնեցիի հեղինակած շարականի բառերով. «Ծանեաք զքեզ Քրիստոս թագաւոր յաւիտենից, եւ տեսաք զքեզ իշխան մահու եւ կենաց. զի դու ես Տէր, եւ չիք այլ ոք բաց ի քէն»։ «Քեզ յաւիտենական թագաւոր ճանչցանք Քրիստոս եւ քեզ կեանքի եւ մահուան իշխան տեսանք, որովհետեւ դուն ես Տէրը եւ քեզմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ» (Թրգ. Եփրեմ Արք. Թապագեան)։
Շնորհաւոր ըլլայ Նոր տարին, հեռու՝ փորձանքներէ, լի՝ աստուածային օրհնութեամբ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ