ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Սուրբ Գիրքի Ծննդոց բաժինը ստեղծագործութեան մասին հետեւեալը կը գրէ.

«Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէսզի ցերեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէսզի երկրի վրայ լոյս տան ու այնպէս եղաւ» (Ծննդ.1-14)։

Այս տողերէն ալ յայտնի կը դառնայ, որ Աստուած ո՛չ միայն տեսանելի ու անտեսանելիները ստեղծած է, այլեւ բոլոր այդ ստեղծագործութեան մէջ չափ ու սահման հաստատած է։ Ուրեմն ամբողջ ստեղծագործութիւնը ունի իր չափն ու սահմանը եւ բոլոր ստեղծագործութեան տարրերն ալ այս չափ ու սահմանին մէջ իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն։ Այս չափ ու սահմաններն ալ կ՚իրականանան ժամանակի ընթացքին։

Հետաքրքրականը այն է, որ կենդանի ու անկենդան բոլոր ստեղծագործութիւնը այս չափ ու սահմանին հնազանդելով հանդերձ, միայն մարդ արարածն է, որ կը հակառակի իր չափ ու սահմանին ու իր չափն ու սահմանը շատ ատեն չի գիտնար։

Ինչպէս ըսինք, այս չափ ու սահմանին ամենակարեւոր տարրն է ժամանակը։ Ամէն ինչ ժամանակի կը կարօտի, ոչ մէկ բան յանկարծակի կ՚իրականանայ։ Աստուած ամէն ինչ ժամանակի մէջ ստեղծած է ու զանոնք ալ ժամանակի մէջ կը գործեն։

  Ժամանակի մասին որքան ալ խօսինք, անհերքելի իրականութիւն է, թէ բոլորովին չենք գիտնար ժամանակի գաղտնիքը։

Առանց ժամանակի ո՛չ մէկ բան կարելի է ընել, անտեսանելի օրէնք մըն է, որ կը գործէ, ամէն բան իր յատուկ ժամանակամիջոցը ունի. բան մը, որուն շատ ատեն չենք անդրադառնար։ Սա իրողութիւն է, բայց կը կարծենք, թէ ամէն ինչ կը պատահի բնականաբար։ Ճիշդ է, որ այդպէս է, բայց այդ պատահած ճշմարտութիւնները մեր միտքի կարողութեան եւ գիտութեան չափով հասկնալի կը դառնան ու մենք զանոնք կ՚ըմբռնենք իբրեւ իրողութիւններ, երկար կամ կարճ ժամանակի մը հասկացողութեամբ։ Օրինակ մը եթէ պէտք է, երբ կը տեսնենք բացուած ծաղիկ մը, մեր գիտութեան չափով ինչպէս բացուած ըլլալը կամ անոր արմատը տնկելը կամ հասնելուն համար ջրելու կարեւորութիւնը գիտենք ու կը կատարենք այդ բոլորը, բայց ի վերջոյ այս բոլոր գործողութիւնները կը յանձնենք այդ դիւթական ժամանակին ձեռքը, որ Տէրն Աստուած է։

Ժամանակի սահմանումները, անշուշտ, իրենց անունները ունին՝ վայրկեաններէ սկսեալ մինչեւ ժամ, օր, շաբաթ,ամիս ու տարի։ Մարդ մը ժամանակի մէջ աշխարհ կու գայ, եղանակները ժամանակի մէջ կը փոխուին, երեխայ մը ժամանակի մէջ կը մեծնայ եւ մենք տարիներու հաշուով կը հաշուենք այս բոլորը։ Ամէն բան տարիներով կը չափուի։ Պատմութիւնը տարիներու հաշուով կը բացատրուի, մարդիկ ամէն ինչ կը դասաւորեն տարիներու հաշուով եւ այլն։ Ճիշդ է, որ կեանքն ալ տարիներով սահմանուած է ու վախճան մը ունի թէ՛ մարդոց եւ թէ բոլոր կենդանի էակներու համար, նոյնիսկ անկենդան ամէն ինչ մատնուած է իր վախճանին՝ նոյնպէս ժամանակի մէջ։

Միայն Աստուածն է անժամանակը։ Մարդն ալ՝ իբրեւ Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած անմահ արարած՝ իր անհնազանդութեան պատճառով մահուան դատապարտուած է, ուստի ժամանակին յանձնուած է։ Ժամանակի գաղտնիքը որքան ալ անհասկնալի ըլլայ, անոր զօրութիւնն ու պակասը միշտ զգալի է մեզի համար, որովհետեւ շարունակ կը գանգատինք՝ ըսելով, որ կ՚ուզենք ընել շատ բաներ, բայց ժամանակը չի թոյլատրեր։

  Ինչպէս լաւ պատրաստուած համակարգիչ մը կը թոյլատրէ մեր ուզածը իրականացնել, նոյնպէս ալ Աստուած մեզի կարելիութիւն տուած է այն բոլորին համար, զոր պէտք է ընենք։ Ժամանակը լաւ օգտագործելու պայմանով կարելի է ամէն ինչ ընել մեր կեանքի տեւողութեան։ Ու եթէ տակաւին կը դժգոհինք ժամանակի չգոյութենէ, ապա պէտք է գիտնալ, որ լաւ չենք օգտագործած ժամանակը եւ սա պատճառ դարձած է մեր գործերու կաղալուն կամ չիրականանալուն։

Որքա՜ն հետաքրքրական ու դիւթական իրականութիւն է ժամանակը, սակայն անխնայ կը վատնենք զայն ու միայն կ՚անդրադառնանք, երբ այդ փոքր պահերը ջուրի կաթիլի նման կ՚իյնան պատմութեան ծոցը եւ կ՚անհետանան՝ վերածուելով տարիներու եւ տասնամեակներու ու կը կերտեն պատմութիւն. մանուկները կը վերածուին չափահասներու, իսկ չափահասները տարեցներու, նոյնիսկ աշխարհագրութիւնը կը փոխուի ժամանակի միջոցին։

Կ՚ըսուի, թէ դրամը պէտք է խնայել, որպէսզի նեղութեան ժամանակ չքաւորութեան չմատնուիս։ Թերեւս դրամի համար սա կարելի է նեղութեան ժամանակ չքաւորութեան չենթարկուելու համար, բայց վատնուած ժամանակները ինչպէ՞ս կարելի է խնայել ու հաւաքել՝ պէտք եղած ատեն օգտագործելու համար։ Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Ամէն բանի ատենը կայ։ Ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը։ Կայ ժամանակ ծնանելու եւ մեռնելու»։

Ուրեմն, ժամանակի արժեւորումը կարելի է Աստուծոյ պարգեւներուն արժէքը գիտնալով։ Մարդ պէտք է Աստուծոյ տուած բարիքները վայելէ եւ անոնցմէ ուրիշներուն անպայման բաժին հանէ։

Ժամանակը ամբարել կարելի չէ, բայց արժեւորել կարելի է։ Մարդ արարածը կ՚աշխատի ու կ՚աշխատի առանց ճշմարտութիւնները լսելու կամ գործադրելու։ Հակառակ Աստուծմէ ստացած պարգեւներուն, ան կը վազէ իր երազներու ետեւէն, բայց ափսո՜ս օր մը կը զղջայ, որովհետեւ կ՚անդրադառնայ ճշմարտութեան եւ իր երազածներու ունայնութեան։

Բայց եթէ մէկը Աստուծոյ յայտնած տեսլականին կը հետեւի ու այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատի, ապա Աստուած կ՚օրհնէ զինք ու իր գործերը եւ անոնց պատճառած գոհունակութիւնը մխիթարիչ կ՚ըլլայ իրեն համար։

Դարձեալ Նոր տարուան մը սեմին կը գտնուինք։ Չենք գիտեր, որ Նոր տարին մեզի համար ին՞չ անակնկալներ ունի, կը մաղթենք ու առ Աստուած կ՚աղօթենք, որպէսզի Նոր տարին բարեբեր ու օրհնաբեր ըլլայ։ Աշխարհին խաղաղութիւն, համայնքային կառոյցներուն անդորրութիւն եւ բոլորիս ընտանեկան յարկերէն ներս առողջութիւն ու երջանկութիւն ապահովէ։

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023