ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2024-ին կը թեւակոխէ իր գահակալութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Լուսաւորչահաստատ, առաքելահիմն ընդհանրական հայրապետութեան գահուն վրայ Նորին Սրբութիւնը հասած է քառորդ դարը բոլորելու եզրին։ Ուստի, այս տարեմուտին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հաւատացեալները կ՚աղօթեն իր արեւշատութեան համար։

Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետը վաղը կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ամանորի պատգամը պիտի յղէ իր աշխարհացրիւ հօտին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023