Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵԻՒՆԻԸՆ ՍԻԹԻԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթավերջին պատարագեց եւ քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, Եիւնիըն Սիթիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին կը յաճախեն՝ ընդհանրապէս նախկին պոլսահայ հաւատացեալներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ծխական խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հայր սուրբը եւ հաւատացեալները։ Հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ շփուի բոլորին հետ։ Մտերմիկ զրոյցներ ծաւալուեցան ազգային-եկեղեցական կեանքի հարցերուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023