ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս այցելութեան նպատակն էր ցաւակցութիւն յայտնել Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին, որու քոյրը մահացած է օրերս։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հետ զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ Ս. Երուսաղէմ ուխտագնացութեան շրջանին վերահասու դարձած էր այս տխուր լուրին, ուստի, փափաքած էր ցաւակցութիւն յայտնել։

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ յանձն առած էր անձամբ փութալ իր այցելութեան։ Ան նշեց, որ սա մխիթարութիւն էր իրեն համար ու խնդրեց, որպէսզի Նորին Ամենապատուութիւնը աղօթքներուն մէջ յիշէ ի Քրիստոս ննջած իր քոյրը։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023